ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն, «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հիմնադրամի միջոցներով 2018-ին լոյս տեսաւ Կորիւն արքեպիսկոպոս Պապեանի «Հոգեմատեան-բանաստեղծութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութիւններ, հայ եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբեր» հատորը, բաղկացած` 592 էջերէ: Խմբագիր` Վաղինակ ծայրագոյն վարդապետ Մելոյեան:
Գիրքը բաղկացած է վեց մասերէ: Առաջին մասը բանաստեղծութիւններ են: Երկրորդ մասը` հոգեւոր խորհրդածութիւններ: Երրորդ մասը` հայ եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբեր: Չորրորդ եւ հինգերորդ մասերը առնչուած են Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի հիմնադրութեան, Յովհաննէս վարդապետի գործունէութեան եւ վախճանին: Իսկ վեցերորդ մասը Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի հիմնադրութեան, գրադարանին, տպարանին, եկեղեցիին եւ թանգարանին վերաբերեալ համառօտ ակնարկ մըն է:
Կորիւն սրբազան կ՛ըսէ, որ նախապատմական ժամանակներէն սկսած, մարդ արարածէն անբաժան եղած է կրօնական զգացումը: Իսկ աղօթքը` ըլլալով կրօնական կեանքի ամէնէն էական տարրը` կը նկատուի մարդկային հոգիին առաջին արտայայտութիւններէն մէկը. որովհետեւ չկայ աստուածապաշտութիւն մը, որուն մէջ անիկա գրաւած չըլլայ կարեւորագոյն տեղը: Սակայն այն ինչ որ կրօնքներուն մէջ աղօթքները տարբեր կ՛ընէ իրարմէ, մարդոց կողմէ զանոնք ըմբռնելու եւ կատարելու եղանակն է:
Կորիւն սրբազան կը նշէ, որ մարդ էակը, այս աշխարհի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարելու սրբազան առաքելութիւնը ունի եւ զայն իրագործելու համար պարտաւոր է Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած ժամանակը լաւագոյնս օգտագործելու:
Մարդ արարածը իր կեանքի ողջ տեւողութեան ինքզինք սրբագրելով կատարելագործելու կարիքը ունի, իր պատկանած հասարակութեան յառաջդիմութեան նպաստելու, իր ապրած միջավայրի ու շրջապատի բարելաւման, մէկ խօսքով` այս աշխարհը` թէ՛ իր ապրած ժամանակաշրջանին եւ թէ՛ իրմէ ետք եկողներու համար աւելի երջանիկ վայրի մը վերածելու բարոյական ու մարդկային վեհ պարտականութիւնը ունի:
Մարդ էակը առանց աստուածային միջամտութեան չէր կրնար լոկ անձնական միջոցներով վերակերտել իր մէջ կատարելութիւնը: Ուստի, Աստուած, մղուած` իր անսահման մարդասիրութենէն, իր Միածին Որդին ուղարկեց աշխարհ, որպէսզի Գողգոթայի բարձունքէն, Խաչի վրայ իր անմեղ արեան հեղումով սրբագործէր համայն մարդկութիւնը իր մեղքերէն:
Հեղինակը կը շարունակէ ըսելով որ նիւթապաշտութիւնն ու քինախնդրութիւնը, նախապաշարումներն ու կոյր ատելութիւնը կը մթագնեն մեր միտքը, կը խոցոտեն մեր սիրտը ու կը թունաւորեն մեր կեանքի օրերը: Իսկ անոր հակառակը` սիրոյ զգացումը, երբեմն հրաշքի համազօր գործերու ծնունդ կու տայ մեր կեանքին մէջ: Սէրը Աստուծոյ պարգեւն է. եթէ զիրար սիրենք, Աստուած կը բնակի մեր մէջ եւ անոր սէրը մեր մէջ կատարեալ է: Աստուած սէր է եւ ով որ սիրոյ մէջ կ՛ապրի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի եւ Աստուած կը բնակի անոր մէջ: Այնտեղ ուր սէր կայ, կայ նաեւ Աստուծոյ ներկայութիւնը, Աստուծոյ բարիքներն ու օրհնութիւնը, կայ միաբանութիւն, փոխադարձ յարգանք եւ հասկացողութիւն, ներդաշնակութիւն եւ համերաշխութիւն: Սէրը մարդ արարածը կը բարձրացնէ իր հողեղէն բնութենէն եւ կը վերածէ ոգեղէն էակի, կ՛ազնուականացնէ եւ կը վերադարձնէ զինք իր ստեղծագործութեան առաջին պատկերին: Սէրը սիրողը կը վերածէ աղբիւր բարութեան եւ ազնուութեան, ընդունակ կը դարձնէ առաքինի գործերու, նուիրումի, զոհողութեան եւ ստեղծագործութեան:
Կորիւն սրբազան կ՛ըսէ, որ մարդ էակը Աստուծոյ շունչը ունի իր մէջ եւ ուստի անհունին ըղձանքն ու յաւիտենականութեան տենչանքը իր մէջ ընդոծին ու բնական երեւոյթներ են: Ան կը տեսնէ իր հոգիի հայելիին մէջէն յաւիտենական կեանքի վարդահեղեղ արշալոյսները, Անոր հոգին, էութիւնը, ամբողջական կատարելութեան, վեհագոյն բարութեան եւ գերագոյն ճշմարտութեան հասնելու ձգտումով է զսպանակուած, անկախ այն իրողութենէն, որ յաճախ ան իր մարդկային տկարութիւններու պատճառով իր այս ձգտումներու եւ ցանկութեանց, երազներու եւ տենչերու իրականացման մէջ կը մնայ անկատար:
Հայ ժողովուրդը` վկայ իր բազմադարեան պատմութիւնը, աշխարհի բոլոր քրիստոնեայ ազգերէն առաջ եւ առաւել ջերմեռանդութեամբ եւ հաւատքով փարած եղած է քրիստոնէական վարդապետութեան հիմքը կազմող յարութեան գաղափարաբանութեան: Դարեր շարունակ հարեւան հզօր կայսրութիւններու բանակներն ու ասպատակող վայրենի ցեղերը ներխուժած են Հայաստան աշխարհ, աւերած ու թալանած են մեր հայրենի շէն գիւղերն ու աւանները, սրբապղծած ու կործանած են մեր եկեղեցիներն ու վանքերը:
Այսուհանդերձ մեր հայրենասէր ու արի պապերը հերոսական մարտնչումներով, մարդկային գերագոյն զոհողութիւններով ու խիզախումներով քաջաբար պաշտպանած են հայրենիքի սուրբ հողն ու հայու պատիւը, պահպանած են մեր գիրն ու գրականութիւնը, կրօնն ու մշակոյթը, հայօրէն գոյատեւելու եւ ստեղծագործելու հզօր կամքն ու վճռականութիւնը: Իսկ երբ աշխարհակալ բռնակալները ի վերջոյ յաջողած են իրենց դաժան բռնութեան շղթաները պարտադրել նաեւ հայ ժողովուրդին, ան երբեք չէ կորսնցուցած հաւատքն ու յոյսը այդ բռնութեան շղթաները խորտակելով իր ազգային անկախութեան եւ ազատութեան տիրանալու:
Կորիւն սրբազան կը շեշտէ ըսելով որ եթէ Աստուած իր գերբնական էակի հանգամանքով իբրեւ բնազանցական գոյութիւն յաճախ մարդկային մտքի հասողութեան սահմաններէն վեր կը մնայ, Անոր էութեան, գործելու եղանակին թափանցելու, Անոր կարենալ երթալու համար ունինք շատ աւելի ուղիղ եւ ապահով ճանապարհ մը, որ կը կայանայ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի անձին եւ ուսուցումներուն լաւագոյնս ծանօթացման եւ կատարումին մէջ: Արդարեւ չկայ աստուածային սրբութիւնը աւելի պերճախօս կերպով ցոլացնող պատկեր, զայն թանձրացեալ կերպով մարմնաւորող անձ քան աւետարաններուն մէջ նկարագրուած մարդացած Աստուածորդին` Նազովրեցի Յիսուսը: Անոր տնօրինական օրերուն համապատկերն ու խօսքերուն հարազատ արձագանգները աւետարանի էջերէն, ոչ միայն կը բանան մեր հոգիին աչքերուն առջեւ սրբութիւնը, այլ նաեւ կը կանգնեն այն խորանը խորհրդասքող, ուր մարդերն ու Աստուած կու գան իրարու քով եւ կը հաղորդակցին իրարու հետ: Քրիստոսի Մարդեղութեան խորհուրդին եւ Յարութեան անառարկելի իրականութեան մէջ է, որ աստուածային սրբութիւնը կը դադրի աստուածաբանական վերացական գաղափար մը ըլլալէ եւ կը վերածուի գերագոյն կոչումի, վախճանական նպատակի:
Սրբազանը կը շարունակէ ըսելով, որ հաւատացեալ հայ քրիստոնեան օրուայ ընթացքին եւ առհասարակ իր կեանքի տարբեր հանգրուաններուն զանազան առիթներով կը դիմէ Աստուծոյ եւ առ այդ մեր եկեղեցւոյ ժամերգութեանց եւ Պատարագին մէջ սքանչելի աղօթքներու մարգարտաշարեր ունինք: Իւրաքանչիւր հայ հաւատացեալի նուիրական պարտականութիւնն է երախտապարտ զգալ իրեն, գոհութիւն եւ փառք տալ ամենակալին Աստուծոյ, իր մեզի շնորհած անթիւ բարիքներուն համար, շնորհակալ ըլլալ եւ փառաբանել զԱստուած, որ ստեղծիչն է տիեզերքի, աստղաքանդակ երկնքի, վարդահեղեղ արշալոյսներու, բոցավառ վերջալոյսներու, լազուր երկնակամարի, ձիւնագագաթ լեռներու, սաղարթախիտ անտառներու, ծաղկուն հովիտներու եւ բերրի դաշտերու:
Աստուծոյ շունչով շաղախուած հողեղէն արարածներու ներաշխարհը միշտ ալ իրերամերժ եւ հակադիր ուժերու մնայուն ասպարէզ եղած էր: Հակառակ այն իրողութեան, որ մեր խիղճը ամէն քայլափոխի կը յիշեցնէ մեզի միշտ հեռանալ չարէն ու գործել բարին, իմանալով հանդերձ, որ պէտք չէ մեղք գործենք, կամայ թէ ակամայ կը սայթաքինք ու մեր խիղճը կը խոցոտի` բիւր վէրքերով: Կը մեղանչենք, որովհետեւ Աստուած է միայն կատարեալ եւ ստեղծագործութեան առաջին մարդուն հետ կորսնցուցած ըլլալով մեր կատարելութիւնը, ահա սերունդներ շարունակ լոկ կը ձգտինք վերագտնել, վերահաստատել մեր կորսնցուցած կատարելութիւնը:
Կորիւն սրբազան կը հաստատէ ըսելով, որ ի՞նչ կայ աւելի կենարար եւ երջանկաբեր, քան` մեր մեղքերը անկեղծ խոստովանութեան, զղջումի սփոփարար արցունքներով, նոյն մոլութեանց եւ մոլորութեանց չվերադառնալու հաստատակամ որոշումով, ի խորոց սրտի առ Աստուած կատարուած աղօթքը: Կա՞յ աւելի մեծ հոգեկան ապրում ու հրճուանք, քան ապաշխարութեան այն սրբազան պահը, երբ մեր ներքին մարդը` Աստուծոյ ողորմածութեան եւ ներումին արձագանգած, ազատագրուած իր մեղքի կապանքներէն, կը փորձէ վերականգնել իր մէջ Աստուծոյ պատկերը: Մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս պատուիրեց մեզի հետեւողական ըլլալ մեր աղօթքներուն մէջ եւ առանց յուսահատելու, յարատեւօրէն աղօթել:
Մեր հայատրոփ ու ջերմեռանդ աղօթքը կը հեռացնէ մեզմէ ձուլման ու ուծացման, մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի բազմադարեան ծառէն կտրուելով օտարանալու վտանգը, կ՛օրհնէ մեզի յաղթահարելու մեր տկարութիւններն ու կասկածները, մեզմէ կը վանէ մահուան երկիւղը, հաւատքով արտասանուած աղօթքը մեր սրտերուն մէջ միշտ արծարծ կը պահէ Աստուծոյ սէրը` անշէջ, լոյսին նման, հանդէպ իր արարածներուն, միշտ արթուն կը պահէ մեր մէջ` իր պատգամները Աստուծմէ ստացող մեր խղճի ձայնը, որ յուշարարն է բոլոր բարի, գեղեցիկ, առաքինի եւ ազնիւ գործերու: Աղօթքը զօրութիւն կու տայ վհատած սրտերուն եւ կը զինէ մեզ կեանքի պայքարին մէջ մարդոց չարիքին դէմ պաշտպանուելու համար անհրաժեշտ հոգեւոր զէնքերով: Աղօթքը կ՛ամրապնդէ մեր խարխափող քայլերը եւ կը լուսաւորէ մեր կեանքին ուղին:
Կորիւն սրբազան յաջորդաբար կը խօսի Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի, թարգմանչաց տօնին, Վարդանանցին, Սուրբ Սարգիսին եւ սրբութեան գաղափարին, Թադէոս առաքեալին եւ Սանդուխտ կոյսին, Քաջ Վարդան Մամիկոնեանի դուստր Սրբուհի Շուշանիկի, Վահան Գողթնացիի, Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց կոյսերուն, Մեծն Ներսէս հայրապետին եւ Սուրբ Սահակ Պարթեւ հայրապետին մասին:
Այնուհետեւ Կորիւն սրբազան կը ներկայացնէ Յովհաննէս վարդապետ Ջուղայեցին (Քթռէջենց)` իբրեւ ռահվիրայ Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքին, Խաչատուր Վարդապետ Կեսարացին` հիմնադիրը Սուրբ Ամենափրկիչ վանքին, իսկ գիրքին վերջին բաժինով կ՛անդրադառնայ Սուրբ Ամենափրկիչ վանքին հիմնադրութեան պատմութեան, վանքի գրադարանին, տպարանին, եկեղեցիին եւ թանգարանին: