By Ara Dembekjian
Միթէ ճակատագրական հարկադրանք էր, կամ երկար տարիներու խեղթուած պահանջ որ առաջին, եւ թերեւս, վերջին անգամ ըլլալով երթայի եւ տեսնայի՝ Չալղարան:
Երազ մըն էր որ իրականացաւ.
Շատ պատմութիւններ պատկերացուած էին մտքիս ժապաւէնին մէջ, այդ ժապաւէնը որ տարիներու ընթացքին, եւ հակառակ բնագիտական օրէնքներու բարդ հաշիւներուն, միշտ թարմ կը մնար եւ չէր հիննար…ու երբեք չէր փճանար:
Տարիներու ընթացքին կուտակուած պատմութիւնները ենթագիտակցութեանս անդունդէն կը հանեմ նորէ՛ն ծամծմէլու եւ նոյնքան կը յիշեմ մօրս պատմութիւնները Չալղարային մասին, թէեւ ան Պաղտատ էր ծնած, բայց լսած էր անոնք ջարդէ ազատած իր հօրմէն եւ մէծմօրմէն.
Կը պատմէր թէ ինչպէս գիւղին կիները մօտակայ գիւղէն եկած թուրք մը կը բռնէն եւ պորտին վրայ եռացած իւղ կը լեցնեն: Խեղճը-եւ մի՞թէ խեղճ էր- հայ աղջկայ մը յիտապնդած էր մինջեւ գիւղ:
Կը պատմէր թէ ինչպէս գիւղին կիները կ’ապսպրէին քաղաք գացող իրենց էրիկ-մարդոց որ վերադառնալուն Թուրքին պատրաստած փախլաւան եւ լօխումը չբերէն: Չէ՞ որ Թուրքին պատրաստած ուտելիքները իր նման…(փիս) էին:
Ո՞րքան անարդար էր ջարդուածներուն ճակատագիրը երբ այսօր, հարիւր տարիներ ետք այդ արիւնալի օրերէն, այսօր, Ամէրիկայի Քալիֆորնիա նահանգին քաղաքներուն մէջ հայ կոչուած վաճառականները, Թուրքիայէն տուբերով ուտեստեղէն կը բերէն, հայ կոչուած նպարավաճառներուն կը բաժնեն, որ հազարաւոր հայ կոչուած քաջ հայորդիները վաճառէն եւ ուրախութեամբ ուտէն ու կուլ տան: Ազգային հոգուով ներշնջուած՝ Ապրիլ 24 ին իրենց խանութները գոցելով, Մեծ Եղեռնի սգատօնը Լաս Վէկաս կը տօնէն… Երբ կը հարցնեմ նպարավաճառներուն թէ ինչո՞ւ թրքական ապրանք կը ծախէն…միշտ նոյն պատասխանը կը կրկնուի ՝՝ապէր ճան, քանի մը կօպէկ էժան ի՝՝: Վայ այդ կօպէկներով թաղուիք թրքասէր վաճառականներ…
Մի՞թէ ըսենք թէ մեռնողը իր (քէսէյէն) վնասէց…մէկուկէս միլիօն միայն…
Բայց չէ՞ որ business is business նշանաբանը բոլոր սկզբունքներուն կուլ կուտայ:
Եթէ մենք հայերս չենք ճանչնար մեր ազգին դեմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ երեսով կը պահանջենք որ եօթն օտարը ճանչնայ…
՝՝Դէ եկ վարդապետ ու մի հենթանար:” Այ, սիրելիս իմ Պարոյր Սեւակ…
Ճամբաս ակամայ շեղեցի:
—————————-
Պոլիս հասայ 2006 ի Սեմտեմբեր 26 ին:
Առաջին անգամն էր որ ֆիզիքապէս հոն կը գտնուէի:
Օթակայանէն դէպի պանթոկ երթալու ժամանակ զգացի որ հոգեպէս այդ տեղուանքը եղած եմ: Ներկայ գիտակցութիւնէն առաջ ես արդէն այդ շրջանները պտտած էի:
Օթակայանէն դէպի Թաքսիմ Մէյտանը ինձ թուաց որ շարուած են դիմացս Զօհրապը, Զարդարեանը, Պէշիկթաշլեանը, Սիամանթօն եւ ուրիշներ…Մտքիս մէջ կայծի մը նման փայլեցան անոնց պատկերները: Միթէ ան Կոմիտասը չէ՞ր խելահար եւ կիսամերկ փողոցները ընկած հայոց բախտը կուլար…
Ակամայ մի ուրիշ շեղում մըն ալ…
——————————
Ընկերութեան Թուրք տնօրէնը՝ Պր. Իզզէթ Էրթուրք հարցուց, երբ յանդիպեցանք Սեպտեմբեր 28 ին իր գրասենեակին մէջ, թէ այս առաջին անգամն է որ Պոլիս կը գտնուիմ: Պատասխանէցի: ”Ֆիզիքապէս՝ այո:” Աւելցուցի ըսելով թէ փողոցներուն եւ թաղամասերուն վրայի անունները կարդալով կարծես հոգեպէս ապրած ըլլայի Պօլսոյ մէջ: Չէ՞ որ այդ անունները յիշուած են մեր Պօլսահայ գրագէտներուն գործերուն մէջ, որոնք կ’ապրէին նոյն այս թաղամասերուն մէջ հարիւր տարիներ առաջ:”
Մարդը քաղաքաւարիօրէն ողջունեց ու ըսաւ: ”Tomorrow you will see your grandfathers’ village, Calkara:” Ամերիկայէն արդէն ապսպրուած էր որ ինծի Չալղարա տանին:
Շնորհակալութիւն յայտնեցի նոյնքան քաղաքաւարութեամբ եւ հեռացայ գրասենեակէն:
Tomorrow ին գալը տանջանք էր…
1915 ին, Չալղարան մաս կը կազմեր Պուրսայի նահանգին: Ջարդէն վերապրողները կ’սէին թէ իրենց պապերը գաղթած էին Ղարաբաղի շրջանէն 200-250 տարիներ առաջ սովի պատճառով:
———————————-
Այդ օր, Սեպտեմբեր 29 իառտու, ճամբայ ելանք դէպի Չալղարա: Մեզ տրամադրուած էր ընկերութեան ինքնաշարժերէն մին, իրվառորդըեւմերթարգմանիչը‘ Օմէր:ՀասանքՊոզույուք , մերընկերութեանգործերը կատարելէետքքանիմըգործարաններու մէջ, գիշերը անցուցինք Էսքիշէհիրին նորակառոյց պանթոկին մէջ:
Բաւականին մաքուր եւ հարդուած էր ճամբան Էսքիշէհիրէն դէպի վեր՝ լեռան գագաթը: Այդ հաճոյքը երկար չտեւեց երբ ճամբան դարձաւ քարքրուտ ու ոլորապտոյտ բարձրացաւ միշտ դէպի վեր, անդունդը կողքին: Միւս կողմէն պտղաբեր ծառերը կ’նկերանային մեզի, Նռենիներ, խնձորենիներ, տանձենիներ…
Գիւղին տուներուն կարմիր կտուրները սկսան երեւիլ լեռան գագաթին վրայ: Գիւղին մուտքը պարապ հողի ընդարձակութիւն մը դիմաւորեց մեզի: Ձախին՝ դեռ շինարարութեան տակ, նորակառոյց մզկիթ մը, անոր կողքին քանի մը հատ տուներ, Էրմէնի զամանլարը մնացած հսկայ ծառ մը. Անոր կողքին քարաշէն բայց խղճալի վիճակի մէջ փոքր շէնք մը: Աջ կողմին քիւղին սրճարանը ու անոր կից մուխթարին գրասենեակը որուն ճակտին գրուած էր տախտակի կտորի մը վրայ Calkara Koyu Muhtarligi:
Երկու ծերունիներ նստած էին սրճարանին դիմաց, մէկը՝ ինըսուննոց, միւսը՝ եոթանասուննոց: Երբ ինքնաշարժէն դուրս ելանք, եոթանասուննոց ծերունին հետաքրքրութեամբ մոտեցաւ մեզի, ողջունելու եւ ընկերանալու: Շատէն-քիչէն գիտցած թրքերէնովս ըսի որ մենք (տիկինս եւ ես) Էրմէնի ենք: Թարգմանիչն ալ ըսաւ որ եկած են իրենց պապերուն գիւղը տեսնալու:
Ծերուկը ըսաւ որ իր ծնողքը Պուլկարիոյ թուրքերէն են եւ եկած են այս գիւղը երբ ինք վեց տարեկան էր 1942 ին, եւ միւս կապոյտ աչքերով ու կարմիր երեսով ծերունին Յունաստանէն գաղթած Թուրք էր, եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մօտակայ երկիրներէն գաղթական թուրքերը հաւաքելով Էրմէնիներուն ձգած պարապ գիւղերը կը լեցներ:
Թերեւս ուզեց արդարացնել իրեն թէ ինք չէր որ գիւղը պարպեր էր հայերէն…
Հարցուցի մեր թարգմանիչին միթէ ծերուկը գիտէ՞ ինչու Էրմէնիները ձգած են իրենց գիւղերը եւ հեռացած: Երբ թարգմանիչը փոխանցեց հարցումը թրքերէնով, ծերուկը պահ մը լռեց, ապա փսփսաց անոր ականջին գիտնալով որ թրքերէն կը հասկնամ:
Օմէրը չթարգմանեց անգլերենի… միայն ըսաւ ”ոչինչ”: Պատասխանեցի երկուքին ”սպասելի է”:
Ծերուկին անունը Շիթ էր:
Հարցուցի Շիթին թէ Էրմենիներէն մնացած ոեւէ կանգուն շէնք կա՞յ գիւղին մէջ: Շիթը ցոյց տուաւ վերը յիշած (քարաշէն բայց խղճալի վիճակի մէջ փոքր շէնք)ը: Գիւղին երբեմնի Ս. Աստուածածին եկեղեզցին…առանց գմբէթի:
Ան, կմախքի վերածուած դուռը բացաւ ու ներս մտանք:
Խաչակնքեցի երեսս…Գոնէ 90 տարիներ ետք խաչը նորէն կնքեց հայու մը երեսը այդ սուրբ տեղը:
Ներսը՝ փլատակ, փայտէ եւ երկաթէ քոյքեր իրար վրայ լեցուած գետնէն մինջեւ առաստաղ: Բայց հայկական ոճով քարէ կամարները դեռ կ’երեւին սեւցած պատերուն վրայ:
Ո՜վ Տէր Աստուած…(մերին)ներէն միթէ ո՞վ չէր կնքուած կամ պսակուած այս եկեղեցւոյն մէջ…Սեւցած քարերն ու հինցած կամարներն են միայն ու միայն դեռ ողջ մնացած վկաները:
Փորձեցի խօսիլ պատերուն հետ, բայց խուլ էին անոնք: Ինտօ՞ր խօսէին…
Ականջս մօտեցուցի պատի մը սեւ քարին, քոնէ (մերին)ներէն մէկուն ձայնին հալածուած արձագանքը լսեմ, կամ տէրտէրին բերնէն բախած կիսամեռ աղօթքի մը փսփսուքին կտորը…բայց ի զո՜ւր: Չէ՞ որ 90 տարուայ արձագանքները խուլ անկիւններուն մէջ հալածուելէ անյետացած էին:
Կեցած տեղս ուզեցի հաւաքել (մերին)ներէն լսած պատմութիւններուն կտորները, իրար փակցնել ու վերապրիլ անոնց կեանքի վերջին վայրկեանները գիւղին մէջ: Ուզեցի արհամարհել անոնց ճակատագիրը եւ նոյնքան անոր ճղճիմ աշխարհը: Այդ պահուն վայրագ հովերէ հալածուած մտքերս սկսան եռալ ու ամպրոպել ցախ ու աջ երբ հոգուս մէջէն կանչեցի…Ո՞ւր էիր Աստուած…
Երբ Թուրք խուժանը կուգար ջարդելու, գիւղին տէրտէրը Աւետարանը ձերքին ”աջ երեսիդ ապտակողին, ձախն ալ դարցուր” կը պատգամէր… Պատերազմներու գմահաճ Աստուածը խուլ էր եւ զորաւիգ կ’ըլլար անոր որ սուրը ձեռքին անմեղներուն կը ջարդեր:
Քրիստոնեացած ենք Քրիստոսէն աւելի շատ: Հայը միշտ ծայրայեղ է եղած, եւ է’, իր ամէն կատարած գործին մէջ: Ծայրայեղ Քրիստոնեա է: Ծայրայեղ յեղափոխական ոեւէ դրօշի տակ: Ծայրայեղութեամբ կը սիրէ եւ նո’յնչափ կ’ատէ:
Նիւթիս ուղիէն նորէն դուրս ելայ ակամայ:
Ինքնաշարժին մէջ կողքերնիս տեղաւորուելով, Շիթ տարաւ մեզի լերան միւս կողմը եւ ցոյց տուաւ հեռուն, իրարու վրայ կուտակուած քարեր, երկարած 20-30 մէթրի վրայ: Ան ըսաւ թէ Էրմէնիները մաքրած են լեռան այդ լանջը քարերէն, եւ կուտակած զանոնք այս կողմ, խաղողի թուփեր տնկած այդ հողին էրայ: Այդ ծառերը մինջեւ այսօր կանանչ կը մնան:
Մի՞թէ Շիթ կը չարչարեր հոգիս իր այս պատմութիւններով…
Մեկնելէն առաջ ծունկի եկայ որ Չալղարայի հողէն քիչ մը վերցնեմ հետս, ան վրայ հասաւ ու ըսաւ որ գետնին մակերեսը աղտոտ է…փորեց իր ձերքով եւ տակէն ”մաքուր” հող լեցուց սրուակիս մէջ: Մտածեցի թէ գետնին տակի հողը հայկական էր, եւ մակերեսի հողը ինըսուն տարիներու ընթացքին…փիսցած…
Կինս նուռ քաղեց ծառերէն, եւ Շիթ ընկոյզ բերաւ տան պահեստէն: Շնորհակալութիւն յայտնեցի անոր, քրկեցի, ողջունեցի, եւ լեռէն վար իջանք…նորէն դէպի Պօլիս:
Անձրեւեց այդ պահուն: Կարծես Չալղարայի երկինքը սկսաւ լալ իմ տեղս:
Երբ վերադարձանք Ամերիկա լուր առինք Փարիզէն թէ ջարդէն վերապրող մեր Չալղարացի ամմօն, Յակոբ Ղազարեանը, մահացաւ 105 տարեկանին: Եղբայրներս պիտի երթային յուղարկաւորութիան, անմիջապէս, Չալղարայէն բերած մէկ հատ նուռ եւ մէկ հատ ալ ընկոյզ ու քիչ մըն ալ հող ղրկեցի որ զետեղէն իր դագաղին մէջ, ընկերանալու իր մարմնին որ հող դառնայ իր ծննդավայրի հողին հետ խառնուելով յաւիտեանս յաւիտենից Փարիզի իր գերեզմանին մէջ…