ՀՅ Դաշնակցութիւնը Բազմամարդ Հանրահաւաքով Մեկնարկը Յայտարարեց Իշխանութիւնները Յանուն Երկրի Լրջանալու Եւ Զգաստութեան Հրաւիրելու Շարժումին.
Երէկ` 23 մայիսին, ժամը 19:00-ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով) Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուած էին մեծաթիւ հայորդիներ` ընդառաջելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կոչին` համախմբուելու եւ վերջին օրերուն երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնները յայտնելու, յատկապէս դատաիրաւական համակարգին վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտեցումներուն լոյսին տակ, որոնք կրկին հանրային-պետական կեանքի ալեկոծման պատճառ դարձան:
«#Լրջացէք #Յանուն Երկրի» կարգախօսը կրող հանրահաւաքին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին եւ Դաշնակցութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները արտայայտեցին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ:
Source: http://www.aztagdaily.com/archives/439002?fbclid=IwAR02FtrVnBx4pWiDcJrHHbPq7E3c7NOKgMWYGJk-i1C8zdCFeBMvJBXOx9A